Իսրայէլը չի հրաժարիր արմատական պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման վերացման նպատակէն եւ պիտի հասնի «լիակատար յաղթանակի», ներառեալ Կազայի հատուածին մէջ պահուող բոլոր պատանդներու վերադարձը։
Այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Իսրայէլի բանակի Կազայի զօրագունդի զոհուած զինուորներու յիշատակին ծառատունկի արարողութեան ժամանակ, հաղորդած է վարչապետի աշխատակազմը։
«Մենք պարտաւոր ենք հասնիլ ամբողջական յաղթանակի: Լիակատար յաղթանակը կը նշանակէ ՀԱՄԱՍ-ի լուծարում եւ բոլոր առեւանգուածներու վերադարձը: Մենք չենք հրաժարիր այդ նպատակէն», - յայտարարութիւն տարածած է վարչապետի գրասենեակը: