image

Չաւուշօղլու «Պէտք է աջակցինք, խաղաղութեան պայմանագրին համար տարուող աշխատանքներուն»

Չաւուշօղլու «Պէտք է աջակցինք, խաղաղութեան պայմանագրին համար տարուող աշխատանքներուն»

5 Սեպտեմբերին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։ Մեւլութ Չաւուշօղլուն եւ Քեթրին Քոլոննան համատեղ մամլոյ ասուլիս տուած են, որու ընթացքին Չաւուշօլուն անդրադարձած է Հայաստան-Ատրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա գործընթացներուն. գրած է ermenihaber-ը։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն ըսած է, որ աշխատանքային ընթրիքի ժամանակ իր ֆրանսացի գործընկերոջ պիտի տեղեկացնէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող երկխօսութեան մասին։

Շեշտած է, որ ղարաբաղեան վերջին պատերազմէն ու Ատրպէյճանի յաղթանակէն ետք կովկասեան տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան կարեւոր հնարաւորութիւն ստեղծուած է եւ ատոր համար անհրաժեշտ է բոլորի աջակցութիւնը։

«Թէ՛ Թուրքիոյ ու Հայաստանի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ երկխօսութիւն կ'ընթանայ, աշխատանքները կը շարունակուին։ Մասնաւորապէս համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի համար բանակցութիւններ կ'ընթանան։ Անհրաժեշտ է, որ այս ամէնուն աջակցինք»,-ըսած է Չաւուշօղլուն։

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարն ալ դրական արձագանգած է թուրք գործընկերոջ դիտարկումներուն՝ ըսելով.  «Տարածաշրջանին մէջ շատ լաւ, դրական միջավայր կը ձեւաւորուի։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութիւնը կ'աւելնայ։ Իսկ այդ շատ դրական է»։