Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն շաբաթ օր հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի աղբիւրը։
«Բանակցութիւններու ընթացքին նախարարները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները»,- ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը։