image

Չաւուշօղլու. «Մեզի առաջարակեցին С-400-ներ Ուքրանիա ուղարկել, սակայն մենք մերժեցինք»

Չաւուշօղլու. «Մեզի առաջարակեցին С-400-ներ Ուքրանիա ուղարկել, սակայն մենք մերժեցինք»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն խօսած է Ուքրանիա C-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ուղարկելու ԱՄՆ առաջարկի մասին։ Այս մասին ան յայտարարած է Habertürk-ին տուած հարցազրոյցին։

Թուրք դիւանագէտի խօսքով՝ Անգարան Ուաշինկթոնի առաջարկը մերժած է:

«ԱՄՆ-էն քանի մը առաջարկ եղած է С-400-ի հետ կապուած: Մեզի ըսին, որ տուէք մեզի վերահսկողութիւն. սա առաջարկ է, որ կ'ազդէ մեր անկախութեան վրայ, այդ պարագային ո՞ւր է մեր անկախութիւնը», - ըսած է Չաւուշօղլուն:

Անոր խօսքով՝ Անգարան բազմիցս տարբեր առաջարկներ ստացած է С-400-ի վերաբերեալ ԱՄՆ վարչակազմէն, եւ եթէ ան համակերպուող ըլլար, Ուաշինկթոնի հետ ներկայիս խնդիրներ չէր ունենար։

«Մեզի նոյնիսկ առաջարկած են զանոնք ուղարկել Ուքրանիա, մենք ըսինք, որ այդ անհնար է. եղած են նման առաջարկներ»,- աւելցուցած է Չաւուշօղլուն։