«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, «Իզմիրլեան» ԲԿ նախկին տնօրէն Արմէն Չարչեանի առողջական վիճակը վատթարացած է։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեանը։
Ան նշած է, որ Չարչեանը տեղափոխուած է «Նորք-Մարաշ» բժշկական կեդրոն։
«Այս պայմաններում պէտք է Չարչեանի խափանման միջոցի հարցով անյապաղ դատական նիստ հրաւիրել»,- նշած է Արամ Վարդեւանեանը։
Յիշեցնենք, որ ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանը 23 Օգոստոսին Արմէն Չարչեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակելու որոշման դէմ դատախազութեան բողոքը բաւարարած էր։ Դատարանի որոշումէն ետք Արմէն Չարչեանը սեփական նախաձառնութեամբ գացած է քրէակատարողական հիմնարկ, ապա՝ կալանաւորուած։
Նշենք, որ Չարչեանին մեղադրանք առաջադրուած է՝ ՀՀ ՔՕ 154.2-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-դ կէտի յատկանիշներով (ընտրողներուն կաշառք տալը, կաշառք ստանալը, ընտրութիւններու ժամանակ բարեգործութեան արգելքի խախտումը կամ ընտրողի ազատ կամքի իրականացման խոչընդոտելը):
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել