Ռուսիոյ կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն չապահովելը «դաւաճանութիւն» է հայ ժողովուրդի նկատմամբ, երկուշաբթի Euronews-ին ըսած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլը։
«Բոլորին ակնյայտ է, որ Ռուսիան դաւաճանած է հայ ժողովուրդին»,- Euronews-ի Global Conversation-ին ըսած է Միշէլ:
ԵԽ նախագահը ԼՂ-ի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերը քննադատած է մէկ կողմ քաշուելու համար, երբ Պաքուն սկսած է իր ռազմական գործողութիւնները:
«Ռուսիան կ'ուզէր տեղւոյն մէջ զինուորներ ունենալ, որոնք պիտի երաշխաւորէին խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պայմանաւորուածութիւնը: Բայց մենք կը տեսնենք, որ ռազմական գործողութիւնը սկսաւ առանց այդ տարածքին մէջ գտնուող ռուսական խաղաղապահ ուժերու կողմէ նուազագոյն արձագանգի: Միւս կողմէ, Եւրոմիութիւնը չունէր տեղւոյն մէջ որեւէ ուժ կամ ռազմական ներկայութիւն»,-աւելցուցած է ան։