Փետրուար 13-ին Ներքին Հանդի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կրակի հետեւանքով զոհուած են՝
Էդուարդ Համլետի Յարութիւնեան (1974 թ.),
Գագիկ Վարազդատի Մանուկեան (1982 թ.),
Արսէն Գագիկի Համբարձումեան (1979 թ.),
Հրաչեայ Թալիշի Յովհաննիսեան (1957 թ.)։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վշտակցի եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուածներու ընտանիքներու անդամներուն եւ հարազատներուն:
Բոլոր զոհուածները Եկրապահ կամաւորականներու միութենէն են:Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է Եկրապահ կամաւորականներու միութեան լրատուական ծառայութենէն Լիլիա Պօղոսեանը:
Յիշեցնենք, որ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ այսօր՝ ժամը 05:30-էն սկսեալ, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Ներքին Հանդի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով հայկական կողմն ունի 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր։