image
Հրատապ լուրեր:

Բռնագրաւուած Բերձորը կրնայ ստանալ ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաքի կարգավիճակ

Բռնագրաւուած Բերձորը կրնայ ստանալ ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաքի կարգավիճակ

Բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր քաղաքը կրնայ ստանալ ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաքի կարգավիճակ։

Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ ղեկավար Ճէյհուն Պայրամովը Մինսքի մէջ կայացած Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:

«Պայրամով տեղեկատւութիւն տրամադրած է Լաչին (Բերձոր) քաղաքին ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաքի կարգավիճակ շնորհելու դիմումի վերաբերեալ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։