image

Bloomberg. Իրանեան ԱԹՍ-ները լաւագոյնն են

Bloomberg. Իրանեան ԱԹՍ-ները լաւագոյնն են

Ամերիկեան Bloomberg կայքի զեկոյցին մէջ մանրամասնօրէն կը խօսուի համաշխարհային մակարդակով իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան արհեստագիտութեան յաջողութեան մասին՝ շեշտելով, որ այն Իրանը կը դարձնէ «աճող եւ յաւակնութիւններ ունեցող կարեւորագոյն խաղացող մը»:

 

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»

 

Ամերիկեան Bloomberg կայքը հաստատած է, որ անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան արհեստագիտութիւններու կամ ատոնց մասերու արտադրութեան ոլորտի մէջ Իրանէն օգտուող երկիրներու թիւը հասած է 12-ի՝ Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա։

 

Կայքը նշած է, որ որոշ երկիրներ կը կառուցեն իրենց սեփական արհեստագիտութիւնը՝ հիմնուած իրանեան նախագիծերու վրայ։ 

 

Մեկնաբանելով Սուտանի մայրաքաղաք՝ Խարթումի մէջ տեղի բանակին դէմ կռուող գրոհայիններու կողմէ խոցուած անօդաչու թռչող սարքի տեսանիւթը, թերթը նաեւ բացատրած է, թէ ինչպէս իրանեան արհեստագիտութիւնները վերափոխած են զէնքի համաշխարհային առեւտուրը։ Կայքի տուեալներով՝ տեսանիւթին մէջ պատկերուած անօդաչու սարքը յստակօրէն նախագծուած է իրանեան «Ապապիլ» մակնիշի տեսքով, դիմացի երկու անիւներուն վրայ երեւցող ձեւաորման (տիզայն) փոփոխութեամբ. իսկ Սուտանցիք անօդաչու սարքն անուանած են «Զաճել-3»։

 

Կայքը դիտել կու տայ, որ Իրանի անօդաչու թռչող սարքերու վարած դիւանագիտութիւնը կը նպաստէ անոր արտարժոյթով մատակարարուելուն, որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ Իրանի համար ֆինանսաւորելու իր պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը, ամրապնդելու իր ռազմավարական դաշինքները եւ երկիրը դարձնելու զէնքի ահռելի վաճառող, որ կրնայ փոխել հակամարտութիւններու բնոյթը՝ ամբողջ աշխարհի մէջ:

 

Կայքն աւարտած է իր զեկոյցը՝ ընդգծելով, որ անօդաչու սարքերը Իսլամական Հանրապետութիւնը կը դարձնեն աւելի մեծ յաւակնութիւններ ունեցող խաղացող, որուն ԱՄՆ-ը եւ անոր դաշնակիցները, ինչպիսին է Իսրայէլը, կը դժուարանան դիմակայել, յատկապէս «բուռն կիսալուսնի» շրջաններուն մէջ, որ կը տարածուին Իրաքէն՝ Սուրիոյ տարածքով՝ հասնելով մինչեւ Լիբանան, Յորդանան, Կազա եւ Եմէն։