image

Bloomberg. Ինչ ալ պատահի… Ուաշինկթըն բացասական արձագանգի պիտի ստանայ Մերձաւոր Արեւելքէն

Bloomberg. Ինչ ալ պատահի… Ուաշինկթըն բացասական արձագանգի պիտի ստանայ Մերձաւոր Արեւելքէն

«Bloomberg»ը գրած է, որ Միացեալ Նահանգներ  Կազայի  պատերազմէն  աւելի քան 4 ամիս անց, յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մը մէջ ինչ կը  վերաբերի Մերձաւոր Արեւելքի  ընդհանուր իրավիճակին։

Գործակալութիւնն  նշած  է, որ «Միացեալ Նահանգներու դաշնակից Իսրայէլը չի լսեր իրեն, եւ Նաթանիահուն ականջ չի կախեր Պայտընի կոչերուն՝ աւելի շատ ջանքեր գործադրելու՝ նուազեցնելու համար օդուժի հարուածներու հետեւանքով քաղաքացիական անձանց զոհերու թիւը  եւ հարթել   ճանապարհ , դէպի նոր հրադադար»:

Աղբիւրը կը կարծէ, որ «Միացեալ Նահանգներ  կը դիմագրաւէ թշնամի մը,, որուն երբեք չէր ուզեր դիմակայել», նկատի ունենալով Իրաքի մէջ իսլամական դիմադրութիւնը, որ մրցանշային թիւով յարձակումներ իրականացուց Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ռազմակայաններուն  վրայ:

Բացի այդ, «Bloomberg» կը տեսնէ, որ Կազայի դէմ յարձակումը յանգեցուց «լարուածութեան սրման Իրաքի, Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ,  որուն  հետեւանքով Միացեալ Նահանգները ռազմանաւեր ուղարկեց Կարմիր ծով եւ պատասխան- հարուածներ հասցուց, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ կը զբաղէր աշխոյժ  դիւանագիտութեամբ խուսափելու համար աւելի լայն  եւ համատարած պատերազմէ։ Մինչ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւնները առաջ կը շարժին  դէպի Եգիպտոսի սահման, եւ պաղեստինցիները կը հաւաքուին հարաւային Ռաֆահի մէջ  գտնուող կտոր մը հողամասին մէջ, կը թուայ, որ  ծանր  զարգացումները տակաւին  պիտի շարունակուին»։

«Bloomberg» եզրափակած է ըսելով. «Հակաամերիկեան խմբաւորումներու աջակցութեան աճը, որ հետեւանք էր ողջ տարածաշրջանին մէջ տարիներ շարունակ նմանատիպ տրամադրութիւններու առկայութեան, ցոյց կու տան, թէ ներկայիս   ընթացող հակամարտութիւնը   բաւական վտանգաւոր է Ամերիկայի համար, եւ  գործուած  սխալները կրնան վնասել անոր հեղինակութեան տարածաշրջանին մէջ, այս անգամ անշրջելի կերպով»։

 

Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի