Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, օրերս, այցելած է Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցի եւ մօտէն ծանօթացած եկեղեցւոյ նորոգութեան ու բարեկարգման աշխատանքներուն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։
Շաբաթ, 15 Մարտ 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան այցելեց Ս. Գէորգ եկեղեցի, ուր մօտէն հետեւեցաւ եկեղեցւոյ ներքնամասի բարեզարդումի եւ շրջափակի նորոգութեան ու բարեկարգումի աշխատանքներուն։
Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ տիկնաց յանձնախումբին կողմէ։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց տարուած աշխատանքը տեսնելով եւ իր հայրական թելադրութիւնները փոխանցեց այս ուղղութեամբ։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը՝ իր աչալուրջ եւ հետեւողական աշխատանքին համար, մաղթելով, որ մօտիկ ապագային վերանորոգութեան աշխատանքները իրենց լրումին հասնին։