image

Բերձորի միջանցքը նոյն վիճակին է. Համայնքապետ

Բերձորի միջանցքը նոյն վիճակին է. Համայնքապետ

Ռուս խաղաղապահները Լաչինի միջանցքին վրայ են, տեղ մը չեն գացած։ Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է Բերձորի համայնքապետ Նարեկ Ալեքսանեան։ 

«Բերձորում ռուս խաղաղապահները երկու զօրամաս ունեն, երկուսն էլ տեղում են։ Միջանցքը որեւէ փոփոխութեան չի ենթարկուել։ Խաղաղապահներն իրենց տեղերում կանգնած են, զօրամասերը՝ նոյնպէս»,- ըսած է համայնքապետը։

Անդրադառնալով համացանցի մէջ տարածուած ապամոնտաժման տեսանիւթին՝ Նարեկ Ալեքսանեան ըսած է, թէ չի գիտեր՝ ինչ տեսանիւթի մասին է խօսքը։

Յիշեցնենք, որ համացանցի մէջ տարածուած է տեսանիւթ, ուր կ'երեւայ, թէ ինչպէս կը հանուի Լաչինի միջացքին վրայ գործող անցակէտերը: