Aravot.am-ը Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանէն հետաքրքրուած է, ի վերջոյ ի՞նչ որոշում կայացուած է ատրպէյճանցիներու վերահսկողութեան յանձնուող Բերձորէն, Աղաւնոյէն եւ Սուսէն տարհանուած կոթողական արուեստի յուշարձաններու վերաբերեալ:
«Հենց նոր ենք Բերձորից դուրս եկել, վերջին յուշաքարը հանեցինք, եւ բոլոր յուշարձաններն այժմ կեդրոնացուած են մի վայրում, այնուհետեւ արդէն համապատասխանաբար կը քննարկենք դրանց հարցը»,-ըսած է Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան փոխնախարարը:
Ան նաեւ նշած է, որ տարբեր առաջարկներ կան յուշարձաններու տեղակայման վերաբերեալ, որոնք դեռ պէտք է քննարկեն ու յստակեցուին. «Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Յովանի մայր տաճարի տարածքում պուրակ կայ, Արցախի թեմի հետ ենք քննարկում համապատասխան պուրակ ստեղծելու հարցը: Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցու հետ կապուած էլ առաջարկութիւններ ու հետաքրքրութիւններ կան, պուրակներ ստեղծուեն, եւ այդ յուշարձանները տեղակայուեն»:
Պարոն Յովհաննիսեան աւելցուցած է, որ առաջիկային լուծումներ կը գտնուին: Հարցին, թէ քանի՞ յուշարձանի մասին է խօսքը: «Հիմնականում հանել ենք մոնումենտալ արուեստի յուշարձանները՝ խաչքարեր եւ յուշակոթողներ: Դրանց թիւը 47-ն է»,-ըսած է փոխնախարարը:
Նիւթը՝ Գոհար Յակոբեանցի
«Առաւօտ»