Օրերս բարի լուր մը ստացանք՝ Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքէն։
Ծնած է Մուշեղ Մանոյեանը, առաջին զաւակը՝ Սասուն եւ Ռուպինա Մալոյեաններուն։
Կը նշուի, որ արմատներով Մերձաւոր Արեւելքէն երիտասարդ ամոլ Մալոյեանները հաստատուած են Գանատա եւ զոյգերը երկուքն ալ նուիրուած են իրենց կեանքի ասպարէզին։
Մինչ Սասուն Մալոյեան ելեւմտական ոլորտի մէջ եւ դրամատան աշխատակից է, իսկ Ռուպինա Մալոյեան- Յարութիւնեանը ոլորտին մէջ կը գործէ։Փոքրիկին ծնունդը ուրախութեամբ պատած է Մանոյեան- Յարութիւնեան ընտանիքները, որոնց համար ալ անցնող 21 դեկտեմբերը պիտի նշուի (Փոքրիկն Մուշեղիծննդեան օրը) պիտի նշուի,որպէս ուրախութեան լիարժէք օր։
Ինչպէս բոլոր հայ փոքրիկներու ծնունդը, այս պարագային ալ փոքրիկն Մուշեղի ծնունդը իսկական առիթ է բոլորիս համար,յանուն աւելի պայծառ գալիքի եւ հայեցի կնիք կրող սերունդներու շատացման։
Այս ուրախ առթիւ մեր շնորհաւորանքները կը յղենք փոքրիկի ծնողներուն,ընտանեկան եւ բարեկամական շրջանակներուն, եւ յատկապէս Տիար Կարօ Յարութիւնեանին, որ իր երկրորդ թոռան ծնունդով (առաջին թոռնիկը Համեստ, դուստրը ՝ Սարգիս եւ Աշխէն Աբրահամեաններուն ծնած 2022 թուականին՝ Գանատա) լիարժէքօրէն պիտի ապրի թոռներուն կողմէ շնորհուած ուրախ օրերով։
Լուրը համադրաբար՝ Arevelk.am-ի