image

Մայր Աթոռը կը շարունակէ մնալ այդ կարծիքին․ Մուշեղ եպիսկոպոս՝ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջելու՝ Մայր Աթոռի յայտարարութեան մասին

Մայր Աթոռը կը շարունակէ մնալ այդ կարծիքին․ Մուշեղ եպիսկոպոս՝ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջելու՝ Մայր Աթոռի յայտարարութեան մասին

Ուրախալի է, որ այսքան հաւատացեալներ ուխտի եկած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, եւ հաճելի է տեսնել իւրաքանչիւրիդ այստեղ։ Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցին, անդրադառնալով ի աջակցութիւն Մայր Աթոռի եւ Վեհափառ Հայրապետի իրականացուող հաւաքին, ըսաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վանական խորհուրդի ատենապետ Մուշեղ Եպս. Բաբայեան։

Այն հարցին, թէ ի՞նչ կարծիք ունի Մայր Աթոռի ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դէմ իրականացուող հաւաքներու վերաբերեալ, Մուշեղ Եպս. պատասխանեց․ «Մայր Աթոռը մշտապէս իր կարծիքը յայտնել է նման երեւոյթների վերաբերեալ, դատապարտել է ու կարեւորութիւն չի տուել»։

Լրագրողի այն հարցին, թէ Մայր աթոռը կը շարունակէ՞ պահանջել Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, Վանական խորհուրդի ատենապետը պատասխանեց․ «Մայր Աթոռը շարունակում է աղօթել, Մայր Աթոռը իր յայտարարութիւններն արել է ժամանակին ու շարունակում է մնալ նոյն կարծիքին»։