Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ բարենորոգման միացած հոգեւորականներու թիւն արդէն 28 է:
Ժամեր առաջ նախաձեռնութեան միացած են նաեւ Ջրառատի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Սիոն քահանայ Սաֆարեանը, Մայակովսկիի Ս. Գէորգ եւ Արամուսի Ս. Յակոբ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Տէր Վարդան քահանայ Ներսիսեանը, ինչպէս նաեւ Գառնիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սարկաւագ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Պետրոս սարկաւագ Ղազարեանը։
Աւելի վաղ յայտնած էինք՝ քահանաները կը շարունակեն միանալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Բարենորոգման նախաձեռնութեան: