2019-ի նոյեմբերէն մինչեւ 2020-ի 4 հոկտեմբերը, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N պաշտպանական շրջանի հրամանատարի պաշտօնը զբաղցուցած գնդապետ Ս.Ա.-ն, ուժեղացուած մարտական հերթապահութեան մէջ գտնուելու պայմաններուն մէջ խախտած է մարտական հերթապահութեան կանոնները։ Այս մասին հաղորդած է ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութիւնը:
Մասնավորապես, Ս.Ա.-ն 26 սեպտեմբերի 2020-ին զօրամասի սպայական կազմի հիմնական մասի եւ իր կողմէ հրաւիրուած այլ հիւրերու` պաշտպանութեան բանակի շուրջ 100 սպաներու մասնակցութեամբ կազմակերպած է զօրամասի կազմաւորման օրուան նուիրուած խնճոյք՝ հացկերոյթ, որու ընթացքին մարտական հերթապահութեան մէջ գտնուող հրամանատարներէն ստացած է առաջնագիծին եւ հակառակորդի թիկունքին ուժերու տեղաշարժերու ու կուտակումներու, մարտական գործողութիւններու անցման վտանգի կտրուկ բարձրացման վերաբերեալ զեկոյցներ։ Այդ պայմաններուն, վերջինս ի պաշտօնէ պարտաւոր եղած է որոշում ընդունելու զօրամասի ամբողջ անձնակազմը մարտական պատրաստականութեան աստիճանի բերելու, մարտական դիրքերը համալրելու եւ հակառակորդի յանկարծակի յարձակումը բացայայտելու, կանխելու, դիմագրաւելու եւ այդ մասին առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային անմիջական պետին զեկուցելու համար, մինչդեռ որեւէ միջոց չէ ձեռնարկած։
Աւելին, 2020 թուականի սեպտեմբեր 27-ին`ժամը 06:10-էն, իր ենթակայ զօրամասի պահպանութեան բնագիծին մէջ հակառակորդի կողմէ դէպի առաջնագիծ հրասայլերու, զրահամեքենաներու անձնակազմի առաջ շարժելու պայմաններուն, շարունակած է դրսեւորել անգործութիւն եւ չէ կատարած իրեն վերապահուած լիազօրութիւններն ու իր վրայ դրուած պարտականութիւնները, որու հետեւանքով 2020-ի սեպտեմբեր 27-ին` ժամը 07:10-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը լայնածաւալ յարձակում գործած են տուեալ պաշտպանական բնագծի երկայնքով եւ յաջորդող ժամերու ընթացքին իւրային զօրքին մեծ կորուստներ պատճառելով ճեղքած են պաշտպանութեան շրջանի շարք մը մարտական դիրքերու, հրամանատարական դիտակէտերու պաշտպանութիւնը, մխրճուած է թիկունքային հատուածներ, որու պայմաններուն իւրային զօրքը չէ յաջողած պատշաճ վերախմբաւորում կատարել, լրիւ ծաւալով անցնիլ պաշտպանութեան, դիմակայել հակառակորդի յարձակման եւ կասեցնել այն, որն ալ հակառակորդի զօրքին հնարաւորութիւն ընձեռած է զարգացնելու յաջողութիւնը` գրաւել գերիշխող բարձունքները եւ հրամանատարական դիտակէտերը, միաժամանակ գրոհներ կազմակերպել իւրայիններու թիկունքէն, մխրճուիլ պաշտպանութեան խորքը՝ շրջափակման վտանգի մէջ ձգելով պաշտպանութեան շրջանի անձնակազմի մէկ մասը, որու հետեւանքով զօրամասի ողջ անձնակազմը պարտադրուած նահանջած է, Արցախի Մարտակերտի շրջանի Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերն անցած են հակառակորդի վերահսկողութեան տակ:
Ս.Ա.-ին մեղադրանք առաջադրուած է՝ մարտական հերթապահութիւն կրելու կանոն խախտելուն համար (որ յանգեցուցած է պետութեան դէմ յարձակումը ժամանակին չյայտնաբերելուն կամ չդիմակայելուն): Նոյն օրը որոշում կայացուած է Ս.Ա.-ին ձերբակալելու մասին եւ միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան՝ անոր նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու համար։
29 յուլիս 2022-ին Ս.Ա.-ի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը։
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։