image

Բանակի մարզախաղեր. Վարչապետը կարեւորած է ֆիզիքական եւ հոգեբանական պատրաստուածութիւնը

Բանակի մարզախաղեր. Վարչապետը կարեւորած է ֆիզիքական եւ հոգեբանական պատրաստուածութիւնը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաւուշի մարզի մէջ ներկայ գտնուած է բանակային խաղերու ծիրէն ներս տեղի ունեցած մարտական փոխանցումավազքի մրցումներուն:

Վարչապետին հետ եղած են նաեւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրեասեան, ՀՀ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեան, ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան:

Մարտական փոխանցումավազքի մրցումներուն առաջին տեղը գրաւած է Պաշտպանութեան նախարարութեան, երկրորդը՝ Ոստիկանութեան, երրորդը՝ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան խումբը:

Մրցումներէն յետոյ վարչապետը ողջունած է մասնակիցները, շնորհակալութիւն յայտնած բոլորին մասնակցութեան համար եւ շնորհաւորած յաղթողները: «Շատ կարեւոր մրցաշար է եւ պէտք է այն զարգացնենք: Միւս տարի կ'ընդլայնենք մասնակից թիմերի (խումբեր) քանակը, յոյս ունենք նաեւ երկրպագուների աւելի մեծ բանակ կը լինի, որովհետեւ տեսանք, որ նրանց ներկայութիւնը կարեւոր է, շատ լաւ քաջալերում էին: Նաեւ, ըստ ցանկութեան, միւս տարի պայմաններ կը ստեղծենք, որպէսզի մասնակիցները Դիլիջանում մի քանի օր անցկացնեն իրենց ընտանիքների անդամների հետ, եւ նրանք էլ գուցէ գան, երկրպագեն»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: