image

Բանակցութիւններ, բայց փակ ճանապարհներ ...

Բանակցութիւններ, բայց փակ ճանապարհներ ...

Կապան-Գորիս ճանապարհի՝ ատրպէյճանցիներու կողմէ փակ հատուածները բանալու շուրջ եռակողմ բանակցութիւնները այսօր աւարտած են, ճանապարները կը շարունակեն փակ մնալ: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Կապանի համայնքապետ Գէորգ Փարսեանը:

Թէ որքան է հաւանականութիւնը, որ բանակցութիւնները արդիւնք կու տան, եւ կը բացուի ատրպէյճանցիներու կողմէ փակուած կենսական նշանակութեան ճանապարհները, Փարսեանը չէ մեկնաբանած:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացուցած էր, որ 25 Օգոստոսին, ժամը 23:00-ի սահմաններուն ատրպեճանական կողմը փակած է Կապան-Գորիս միջպետական ճանապարհի Կարմրաքար-Շուռնուխ հատուածը: Ըստ ԱԱԾ հաղորդագրութեան` նշուած հատուածին մէջ գտնուող փոխադրային միջոցները տարհանուած են եւ աշխատանքներ կ'իրականացուին ճանապարհը բանալու, մարդոց եւ փոխադրային միջոցներու տեղաշարժի բնականոն աշխատանքը վերականգնելու ուղղութեամբ:

Աւելի ուշ, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը յայտնած էր, որ ատրպէյճանցի զինծառայողները փակած են նաեւ ՀՀ Սիւնիքի մարզի Գորիսէն Որոտան տանող ճանապարհը: