image

Բագրատ սրբազանի գլխաւորութեամբ քաղաքացիները երթով շարժած են դէպի ՀՀ քննչական կոմիտէ

Բագրատ սրբազանի գլխաւորութեամբ քաղաքացիները երթով շարժած են դէպի ՀՀ քննչական կոմիտէ

Յունիս 3-ի առաւօտեան, Բագրատ սրբազանի գլխաւորությամբ Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանի Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ բակէն մեկնարկած է քայլերթ դէպի Քննչական կոմիտէ։

Քննչական կոմիտէն յայտնած էր, որ մայիս 31-ին Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ տեղի ունեցած հաւաքի ժամանակ ոստիկանութեան կողմէ բերման ենթարկուած 28 քաղաքացի ձերբակալուած է։ Որեւէ մէկուն մեղադրանք չէ առաջադրուած։

Այս կապակցութեամբ ալ, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման աջակիցները, Բագրատ սրբազանի հետ Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանին որոշ պահանջներ ներկայացուցած են ու փորձած են որոշ հարցերու պատասխաններ ստանալ։

«Միասին, շատ խաղաղ եւ հանդարտ կ՚ընթանանք նախանշուած վայր։ Մենք մեր հանդարտութիւնն ու ուղղամտութիւնը որեւէ պահի չենք կորցնելու։ Սա ամենակարեւոր յաղթաթուղթն է մեզ համար»,– նշած է սրբազանը։

Միանչ այդ, Քննչական կոմիտէի շէնքի դիմաց մեծաթիւ ոստիկանական ուժեր կուտակուած են։

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը պահանջած է, որ Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը կամ որեւէ այլ ներկայացուցիչ իրենց մօտ իջնէ եւ ներկայացնէ 27 աքթիւիսթի ձերբակալման պատճառները:

Ի պատասխան ոստիկանութեան ներկայացուցիչը հաղորդած է, որ Քննչական կոմիտէէն ոչ ոք պիտի իջնէ, քանի որ ըստ կարգի` հարկաւոր է դիմում գրել։

Ի պատասխան` շարժման առաջնորդ Բագրատ Գալստանեանը դիմած է Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամյանին, ըսելով. «Պարոն Քեարամեան, Դուք չէ՞ք կարող հանդիպել քաղաքացիների հետ։ Չէ՞ք ուզում իջնել Ձեր բարձրութիւնից: Մենք ինչ-որ կերպ կը գանք, բայց հիմա կարող էք մարդ ուղարկել»,– ըսած է Գալստանեանը։