«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը կը պատրաստուի երթալ Ներքին գործոց նախարարութիւն`որոշ բացատրութիւններ ստանալու։
Նշենք, որ Բագրատ սրբազանի գլխաւորութեամբ Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ տերունական աղօթքով մեկնարկած է հաւաքը։ Դեռ մայիս 28-ին սրբազանը յայտարարած էր, որ այսօր առանձին անհնազանդութեան գործողութիւններ պիտի չըլլան, միասին պէտք է ըլլան ու ընելիք ունին։ Արձագանգելով Բագրատ սրբազանի կանչին` բազմաթիւ քաղաքացիներ եկած են հաւաքի վայր։ Այստեղ են նաեւ մշակոյթի եւ հանրային գործիչներ, ԱԺ ընդդիմադիր պատգամաւորներ, զոհուած զինծառայողներու ծնողներ եւ այլն։
«Գնալու եմ Ներքին գործերի նախարարութիւն, որպէսզի պահանջեմ ու բացատրութիւն ստանամ ամբողջ գործածի համար, ինչպէս նաեւ հարցադրում անեմ՝ նախարա՞րն է հրաման տուողը, թէ իրեն են հրաման տալիս... Ոստիկանութիւնը մեր երկրում իրեն օրէնքից դուրս է դրել։ Եթէ նրանք մեզ լակոտներ են անուանել, ուրեմն այդ բնութագիրը տուել են նաեւ իրենց տէրերին, ովքեր 2018 թուականին նոյնպէս փողոց էին փակում»,–ըսած է սրբազանը։
Ան ընդգծած է`պէտք է ՀՀ իշխանութեան պարտադրեն հասկնալ, որ ամէն ինչ արդէն իրենց հսկողութեան ներքոյ է։
Հաւաքուծները երթով շարժուած են դէպի Ներքին գործոց նախարարութեան շէնք։