Մայիս 9-ը մեր գողցուած Եռատօնն է եւ Համբարձման տօնը, այդ օրը Երեւանի մէջ պիտի ըլլանք: Կիրանցէն դէպի Երեւան քայլերթի ժամանակ ըսած է Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը։
Բագրատ Սրբազանը նշած է, որ այդ օրը գտնուելով Երեւանի մէջ, պէտք է նաեւ որոշակի իմաստով հռչակեն այն մասին, որ՝ թէպէտ գողցուած, բայց երբեք ուրացուած, մոռցուած չէ մեր եռատօնը։
Յիշեցնենք, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամները Բագրատ Սրբազանի առաջնորդութեամբ Կիրանցէն քալերով շարժած են դէպի Երեւան։
Անոնք Երեւան պիտի հասնին մայիս 9-ին։
«Միակողմանի զիջումների այս աղէտալի ընթացքը վերջ ու սահման չունի. Հիւսիսից հարաւ մենք մեծ, անհասկանալի արիւնահոսութեան գործընթացքում ենք գտնւում։ Այս գործընթացը պէտք է դադարեցուի»,- քայլերթէն առաջ յայտարարած է Բագրատ Սրբազանը։
Քայլերթի մասնակիցները հասած են Սարիգիւղ։ Քայլերթին բացի տաւուշցիներէն, միացած են Հայաստանի այլ շրջաններէն քաղաքացիներ, արուեստագէտներ, զոհուած զինծառայողներու հարազատները։
Քայլերթի ընթացքին անընդհատ նոր մարդիկ կը միանան։ Անոնց կը դիմաւորեն ծափահարութիւններով։