image

«Ազրպէյճանի նահատակներ»ուն յատկացուած յուշակոթողին դէմ Լիբանանահայութիւնը կը բողոքէ

«Ազրպէյճանի  նահատակներ»ուն  յատկացուած  յուշակոթողին դէմ   Լիբանանահայութիւնը կը բողոքէ

Ժողովը անհրաժեշտ գտաւ, որ Լիբանան չներքաշուի ազրպէյճանական թափանցումի ու պատմութեան նենգափոխման այս նոր ծուղակին մէջ եւ յարգէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներն ու յատկապէս լիբանանահայ համայնքի արժանապատուութիւնը:

 

Ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2022-ին, Նոր Հաճնոյ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու արտակարգ ժողովը: Ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ մամլոյ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

 

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները խստիւ կը դատապարտեն Աքքարի Քաուաշրա գիւղին մէջ այսպէս կոչուած «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նահատակներու» յիշատակին յուշարձանի մը բացման դէպքը, այլ խօսքով` ազրպէյճանական բանակի «զոհեր»-ուն յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողի երեւոյթը:

 

Ժողովականները զարմանք եւ վրդովմունք յայտնեցին այս յուշարձանի տեղադրման եւ արարողութեան ընդհանուր հոլովոյթին մասին հաստատելով` որ արարքը իր էութեան մէջ կը հակասէ պաշտօնական Պէյրութի հրապարակած յայտարարութեան, առ այն, որ ազրպէյճանական զօրքերը ներխուժած են Հայաստանի  ինքնիշխան տարածքներ եւ այնտեղ գործած ոճիրներ: Նման հաստատում կատարած են նաեւ միջազգային ընտանիքի բազմաթիւ պետութիւններ` բացայայտելով Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործ ըլլալու դիմագիծը եւ պահանջելով հայաստանեան տարածքներէն ազրպէյճանական բանակին հեռացումը:

 

Հիմա Լիբանանի մէջ, լիբանանեան պետական դէմքերու ներկայութեան կ՛ոգեկոչուի յանցագործ բանակ մը, որ կը շարունակէ սպառնալ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն եւ որ փաստերը տուած է Սումկայիթի, Կիրովապատի, Թալիշի եւ Պուտափէշտի մէջ ռազմական ամէնէն վայրագ ոճիրները գործադրելու եւ ցեղային զտումի քաղաքականութիւնը շարունակելու:

 

Ժողովը անհրաժեշտ գտաւ, որ Լիբանան չներքաշուի ազրպէյճանական թափանցումի ու պատմութեան նենգափոխման այս նոր ծուղակին մէջ եւ յարգէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներն ու յատկապէս լիբանանահայ համայնքի արժանապատուութիւնը:

 

ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ