image

Տեղի ունեցած է Թուրքիա-Իտալիա-Լիպիա գագաթնաժողովը

Տեղի ունեցած է Թուրքիա-Իտալիա-Լիպիա գագաթնաժողովը

Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիա–Իտալիա–Լիպիա գործակցութեան եռակողմ գագաթնաժողովը, որու շրջագիծին մէջ հանդիպած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողան, Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնին եւ Լիպիոյ կառավարութեան ղեկավար Ապտելհամիտ Տպէյպան։ Բանակցութիւնները տեղի ունեցած են փակ դռներու ետին։

Անգարայէն կը հաղորդուի, որ հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, Ազգային Հետախուզական Կազմակերպութեան ղեկավար Իպրահիմ Քալընը, ինչպէս նաեւ Նախագահին արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու գլխաւոր խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչը։

Կը հաղորդուի, որ օրակարգի վրայ եղած են Միջերկրական շրջանին վերաբերող հարցեր՝ ներառեալ ուժանիւթի եւ նաւթի ոլորտներուն մէջ գործընկերութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ գաղթականութեան հարցերը։ Քննարկուած են շրջանի զարգացումները, եւ շեշտուած է Կազայի տարածքին մէջ հրադադարի եւ մարդասիրական մատակարարումներու կարեւորութիւնը։