image

Ազգային Ժողովի մօտ բախումներու հետեւանքով բուժօգնութեան դիմած է 101 մարդ, 85-ը դուրս գրուած է

Ազգային Ժողովի մօտ բախումներու հետեւանքով բուժօգնութեան դիմած է 101 մարդ, 85-ը դուրս գրուած է

Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի վրայ յունիս 12–ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու հետեւանքով բուժօգնութեան դիմած է 101 անձ, որոնց շարքին նաեւ ոստիկաններ կան։

85 հոգի անհրաժեշտ բուժօգնութիւն ստանալէ ետք դուրս գրուած է։

Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Դաստակի վնասուածք ստացած պացիենտի առողջական վիճակը վիրահատութիւնից յետոյ գնահատւում է բաւարար։ Միւս 16 անձինք ստանում են անհրաժեշտ բուժօգնութիւն։ Ունեն թեթեւ եւ միջին ծանրութեան վնասուածքներ»,- տեղեկացուցած են նախարարութենէն։

Աւելի վաղ ՆԳՆ մամուլի ծառայութենէն յայտնած էին, որ տուժած ոստիկանները 17–ն են։

Յունիս 12-ի երեկոյեան ոստիկանութիւնը լուսաձայնային նռնակներ կիրառած է Բաղրամեան պողոտայի վրայ հաւաք իրականացնող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման մասնակիցներու դէմ։