Հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի ճարտարապետական ծառայութեան սպայ, հրամանատար Ե.Հ.-ի նկատմամբ, որ Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղին մէջ գտնուող զօրամասի ճարտարապետական սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ փորձած է պենզինով վառել վառարանը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը։
Քրէական հետապնդում յարուցուած է ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 532-րդ յօդուածի 4-րդ մասով (զէենքի, ռազմամթերքի, ռազմական տեխնիկայի կամ ռազմական այլ գոյքի, շրջապատի համար առաւել վտանգ ներկայացնող նիւթերի, սարքերի կամ առարկաների հետ վարուելու կանոնները խախտելը, որն անզգուշութեամբ առաջացրել է երկու կամ աւելի անձանց մահ):
«Ձեռք են բերուել բաւարար փաստեր այն մասին, որ Ե.Հ.-ն 2023 թուականի յունուարի 19-ին` ժամը 00:40-ի սահմաններում, հանդիսանալով նստեցման շրջանի պատասխանատու, խախտել է շրջապատի համար առաւել վտանգ ներկայացնող նիւթի՝ ավտոբենզինի հետ վարուելու վերաբերեալ օրէնսդրութեամբ սահմանուած պահանջը, ըստ որի՝ հրդեհային անվտանգութեան նպատակով արգելւում է վառարանները վառելու համար որպէս կպչան, ավտոբենզինի եւ այլ տեսակի դիւրավառ հեղուկների օգտագործումը»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Դատախազութիւնը յայտնած է, որ Ե.Հ.-ն, Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղի 1-ին փողոցի 20-րդ տուն հասցէին վրայ տեղակայուած` ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի ճարտարապետական սակրաւորային վաշտի անձնակազմի համար նախատեսուած կացարանին մէջ շահագործուող վառարանը վառելու նպատակով, օրուան հերթապահէն ճշդելով այդ ստորաբաժանման յատկացուած տիզելային վառելիքի եւ պենզինի գտնուելու վայրը, սեփական նախաձեռնութեամբ, կացարանի յարակից տարածքին մէջ բացազատուած ինքնաշարժերու հաւաքակայանէն վերցուցած է փոխադրային միջոցներու մեկնարկիչները գործի դնելու համար յատկացուած՝ 5 լիթր տարողութեամբ պենզինով լեցուած տասը կալոններէն մէկը, վերադարձած է կացարան եւ վառարանը վառած պենզինով: Ատոր հետեւանքով հրդեհ բռնկած է։
ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան համապատասխան շարք մը պատասխանատու պաշտօնատար անձանց կողմէ իրենց ծառայողական պարտականութիւններու կատարման նկատմամբ անբարեխիղճ եւ անփոյթ վերաբերմունքի հետեւանքով հակահրդեհային պաշտպանութեան համապատասխան միջոցներ չեն եղած, եւ կացարանին մէջ գտնուող զինծառայողները ոչ միայն չեն կրցած մարել հրդեհը, այեւ հնարաւոր չէ եղած կոտրել կացարանի պատուհաններուն ամրացուած երկաթեայ ճաղավանդակները եւ դուրս գալ այնտեղէն: