image

Ազատ գիւղի պատահար. Կայ ձերբակալուած

Ազատ գիւղի պատահար. Կայ ձերբակալուած

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի թիկունքի պետ-հրամանատարի թիկունքի եւ համայնքային շահագործման ծառայութեան տեղակալ Գ.Ա.-ի նկատմամբ, Գեղարքունիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշմամբ, որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանքը՝ երկու ամիս ժամկէտով: Այս մասին յայտնած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն։

Գլխաւոր դատախազութիւնը տեղեկացուցած էր, որ մինչդատական քրէական վարոյթի օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւն իրականացնող դատախազի կողմէ 2023 թուականի յունուար 25-ին որոշում կայացուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի թիկունքի պետ-հրամանատարի թիկունքի եւ համայնքային շահագործման ծառայութեան տեղակալ Գ.Ա.-ի նկատմամբ յարուցել հանրային քրէական հետապնդում՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 550-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (զինուորական պաշտօնէական անփութութիւն, որն անզգուշութեամբ առաջացրել է մարդու մահ):

2023 թուականի 26 յունուարին Գ.Ա.-ն ձերբակալուած էր:

Յիշեցնենք, որ 19 Յունուարին, Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղին մէջ տեղակայուած N զօրամասի սակրաւորային վաշտի անձնակազմին համար նախատեսուած կացարանին մէջ տեղի ունեցած հրդեհին պատճառով մահացան 15 ժամկէտային զինուորներ: