image

Այո, ընդամէնը ժամերու ընթացքին կարող ենք համաձայնութեան գալ. Ապտըլ Լահեան

Այո, ընդամէնը ժամերու ընթացքին կարող ենք համաձայնութեան գալ. Ապտըլ Լահեան

Իրանի իշխանութիւնները ընդգծած են, որ իր խաղաղ միջուկային հնարաւորութիւնները «իրական երաշխիքը պէտք է ըլլան, որ միջուկային բանակցութիւններուն մասնակցող արեւմտեան երկիրներուն կը պարտաւորեցնէ կատարել իրենց պարտաւորութիւնները:

Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհրդի քարտուղար Ալի Շամխանին Թուիթըրով գրած է. «Իրանի խաղաղ միջուկային հնարաւորութիւնները միշտ պէտք է մնան դամոկլեան սրի պէս` կախուած խոստումները խախտողներու գլխուն, որպէսզի իրական երաշխիք ըլլայ անոր պարտաւորութիւններու կատարման համար»:

Ան յաւելած է. «2018 թուականին, երբ Ամերիկան դուրս եկաւ միջուկային համաձայնագրէն, ըստ Իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդի ծրագրին, աւելի լաւ պիտի ըլլար աւելի արդիւնաւէտ օգտագործել այդ ինքնաապահովագրութիւնը»: 

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան ըսած է, որ Վիեննայի մէջ բանակցային պատուիրակութիւնը «չէ ներկայացած միայն բանակցութիւններ վարելու համար, այլ՝ համաձայնութեան հասնելու համար բանակցութիւններ վարելու լավ»: «Կը կարծեմ, որ մենք երբեք այնքան մօտ չենք եղած նման գործարքի, որքան հիմա», յաւելած է ան:

Euronews-ին տուած հարցազրույցին մէջ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ իր երկիրը կը մօտենայ համաձայնագրին, եւ «կը մնան որոշ հարցեր, որոնք կարմիր գիծերն են», յաւելելով. «Մինչ այժմ մենք բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ կատարած եք, եւ Վիեննայի բանակցութիւններուի սեղանի շուրջ ցոյց տուինք անհրաժեշտ ճկունութիւնը»:

«Եթէ արեւմտեան կողմը աւելի իրատեսօրէն նայի, թէ ինչ կը կատարուի Վիեննայի մէջ, մենք կրնանք գործարքը աւարտին հասցնել մի քանի ժամուայ ընթացքին: Հետեւաբար, գործարքի ճշգրիտ ժամկէտը կը գտնուի արեւմտեան կողմին ձեռքը: Մենք յանձնառու պիտի մնանք բանակցային սեղանի շուրջ լրջօրէն նստելուն, թէեւ արեւմտեան կողմը բանակցութիւններու եւ դժուար քայլերու ընթացքին մի քանի անգամ սեղանը լքելու հաւանականութեան մասին րատայայտուած էր: