Այսօրուընէ Կիրանց գիւղի մէջէն անցնող միջպետական ճանապարհը պիտի չգործէ։
Այս մասին յայտնած են «Ազատութեն»էն:
Հերթապահող պարեկները բոլոր անցնող մեքենաներուն ցոյց կու տան Աճարկուտ գիւղով անցնող այլընտրանքային ճանապարհը, որ արդէն ասֆալթապատ է ու զուգահեռաբար դեռ աշխատանքներ կ՚ընթանան։
Դպրոցի յարակից հատուածին մէջ, ուր սահմանային երեք մեթրանոց պատ կը կառուցուի, ճանապարհը փորուած է։ Ենթադրաբար այդ հատուածին մէջ պատը պիտի շարունակուի մինչեւ փշալարեր։
Ու, հակառակ, հայ-ատրպէյճանական պայմանաւորուածութեան համաձայն, կամուրջն ու մօտ մէկ քիլոմեթրանոց ճանապարհն այս ամսուան վերջը պիտի անցնին Ատրպէյճանին, բայց այսօրուընէ փաստացի հայկական կողմն այն չի շահագործեր։
Այսօր առաւօտեան Ճանապարհային բաժանմունքը յայտարարած էր, որ այսօրուընէ ժամանակաւորապէս պիտի փակուի Կիրանցի ճանապարհը շինարարական աշխատանքներու պատճառով։
Ըստ հաղորդման՝ տուեալ հատուածը վարորդները կրնան շրջանցել Հ-58-Աճարկուտ-Հ-58 ճանապարհով։
Աճարկուտով անցնող ճանապարհը մինչեւ մայրուղի 2,5 քմ է, բայց Իջեւանի կողմէ Կիրանց գացողներու համար, ճանապարհը մօտ 4 քմ կ՚երկարի, քանի որ կը շրջանցեն ու ճանապարհի վերջնամասէն միայն կը վերադառնան գիւղ։
Այս ճանապարհը, որ դժուար անցանելի էր, հայ-ատրպէյճանական պայմանաւորուածութենէն ետք սկսան վերանորոգել։ Ասոր զուգահեռ կը կառուցուի նոր ճանապարհ, որ աւարտին հասցնելու համար դեռ երկար ժամանակ կը պահանջուի։