image

Այսօր ընդդիմութեան մեծ հանրահաւաք կը սպասուի

Այսօր ընդդիմութեան մեծ հանրահաւաք կը սպասուի

«Դիմադրութիւն» շարժումը այսօր` Մայիս 21-ին, ժամը 18:00-ին, հանրահաւաք պիտի ունենայ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ:

«Հրապարակում հաւաքուած արժանապատիւ հայը պէտք է ցոյց տայ, որ ժողովրդի անունից վարչապետի աթոռը գրկած անձը բանակցելու եւ նոր զիջումների գնալու մանտաթ չունի:

Առաւել քան կարեւոր է հնչեցնել բոլորիս միասնական բողոքի ձայնը», գրուած է «Հայաստան» դաշինքի ֆէյսպուքեան էջով:

Յիշեցնենք, որ Մայիս 2-էն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով անհնազանդութեան գործողութիւններ սկսած են ինչպէս Երեւանի, այնպէս ալ Հայաստանի միւս մարզերուն մէջ: