ԱՄՆ-(The Washington Post) Այսօր կը մեկնարկէ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական հդրթական այցը դէպի Քուպա եւ Միացեալ Նահանգներ: Նշենք, որ սոյն ճամբորդութիւնը Հռոմի Քահանայապետին առաքելական այցելութիւններուն 10-րդ է: Ֆրանչիսկոս Պապ բացօթեայ պատարագ պիտի մատուցէ Հաւանայի «Յեղափոխութեան հրապարակ»ին վրայ եւ հանդիպում պիտի ունենայ Քուպայի նախագահ Րաուլ Քասթրոյի հետ: 22 Սեպտեմբերին Պապը պիտի ժամանէ Ուաշինկթըն: Ան Ուաշինկթընի մէջ իր մատուցած պատարագին ընթացքին պիտի յիշատակէ մանաւանդ Ճունիբէրո Սէրա երանելի հռչակուած վարդապետը, որ 18-րդ դարուն ամերիկեան ցամաքամասին վրայ առաջին քրիստոնեայ քարոզիչը կը համարուի: Պապը նաեւ ելոյթ պիտի ունենայ Նիւ եորքի ՄԱԿ-ի ասամպլիային առաջ, ՄԱԿ-ի հիմնադրութեան 70-րդ տարեդարձին առթիւ: Պապին Քուպայի այցը կը մեկնարկէ այսօր երկրի մամուլը երախտիքի եւ հիւրընակալութեան տողերով բարի գալուստ մաղթած են քաջարի քահանայապետին: