image

Այսօր Հայ առաքելական եկեղեցին կը տօնէ Խաչվերացը

Այսօր Հայ առաքելական եկեղեցին կը տօնէ Խաչվերացը

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր կը նշէ Խաչվերացի տօնը՝ տաղավար հինգերորդ եւ վերջին տօնը:

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ Խաչվերացը կը տօնեն սեպտեմբեր 11-17-ն ինկած ժամանակահատուածին հանդիպող կիրակի օրը:

Խաչվերացը կը տօնուի ի յիշատակ Քրիստոսի խաչափայտի՝ պարսկական գերութենէն Երուսաղէմ վերադարձի եւ Գողգոթայի մէջ կանգնեցման (վերացման)։ Այստեղէն ալ տօնը կը կոչուի Խաչվերաց։

Խաչվերացի տօնը մեզի համար նախեւառաջ յարութեամբ նորոգուելու խորհուրդն ունի։ Ըստ Գրիգոր Տաթեւացիի՝ Խաչը դարձաւ երկինքի եւ երկրի միջեւ եղած վիհը միացնող կամուրջը, «դրախտի դռները բացողն ու երկնային արքայութիւնը որպէս ժառանգութիւն տուողը»։

Գիշերը կը կատարուի հսկում, Սրբութիւնը կը դնեն սուրբ Սեղանին։ Քահանաները զգեստաւորուած կու գան ատեան եւ կ՚երգեն «Որ զանարատ բազուկս Քոյ» շարականը։ Օրուան երեքսրբեանն է. «Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, որ խաչեցար վասն մեր, ողորմեա՛ մեզ»։ Ապա Խաչով եւ Աւետարանով թափօր կը կազմեմ։