image

Այսօր 44-օրեայ պատերազմի 5-րդ տարելիցն է

Այսօր 44-օրեայ պատերազմի 5-րդ տարելիցն է

Այսօր կը լրանայ 44-օրեայ պատերազմի հինգերորդ տարելիցը։

Սեպտեմբեր 27-ի վաղ առաւօտուն՝ ժամը 07:10-ի մօտերը, Ատրպէյճանը յարձակում սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի ամբողջ գիծով, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին որոշ հատուածներուն մէջ։

Պատերազմի առաջին ժամերէն գործադրուեցան ծանր հրետանի, անօդաչու թռչող սարքեր եւ օդուժ։ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յայտարարուեցաւ ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք։

 

Քառասունչորս օր շարունակ ծանր մարտեր տեղի ունեցան։ Երեք անգամ փորձ կատարուեցաւ պատերազմը դադրեցնելու, սակայն ապարդիւն․ պայմանաւորուածութիւնները չէին պահպանուիր, իսկ ատրպէյճանական զինուած ուժերը կը շարունակէին գրոհները։

Ատրպէյճանը գրեթէ ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առաւ Ղարաբաղը՝ հասնելով մինչեւ Շուշի։ Միայն Նոյեմբեր 9-ի լոյս 10-ի գիշերը, երբ Ռուսիոյ նախագահի միջնորդութեամբ ստորագրուեցաւ եռակողմ յայտարարութիւնը, ռազմական գործողութիւնները դադրեցան, եւ ԼՂ-ի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրախումբ տեղակայուեցաւ։

Պատերազմի հետեւանքով հայկական կողմը տուաւ 3830 կեանք, որոնցմէ 3752-ը զինուորականներ էին, 78-ը՝ քաղաքացիական անձինք։ Կը շարունակէ անյայտ մնալ 195 մարդու ճակատագիր, որոնցմէ 175-ը զինուորականներ եւ 20-ը՝ քաղաքացիական։ Ատրպէյճանի պաշտօնական տուեալներով՝ իրենք աւելի քան 2900 զոհ տուած են եւ ունին 6 անյայտ կորսուած։

Սեպտեմբեր 27-ը դարձաւ նորագոյն պատմութեան ամենաողբերգական էջերէն մէկուն սկիզբը։

44-օրեայ պատերազմէն ետք ձեւաւորուած «ստատուս քուօ»ն պահպանուեցաւ մինչեւ 2023-ի Սեպտեմբեր 19-ը, երբ Ատրպէյճանը յարձակում գործեց արդէն աւելի քան ինը ամիս շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի վրայ։ Արցախի բնակչութեան հեռանալէն ետք Լեռնային Ղարաբաղը ամբողջութեամբ անցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։