Հալեպահայ երեք նորագոյն յաւերժի ճամբորդներ միացան հայրենիքի զոհաբերման սուրբ գործին:
Ցեղին ազնուագոյն զաւակներէն երեքը մղոններ կտրեցին նուիրագործելու«Մահ իմացեալ անմահութիւն է» կենսափլիսոփայութիւնը:
Բառեր չկան, արտայայտուելու կերպերը անճրկած են, տարերային համատարած վիշտը բթացուցած է մեզ ազգովին: Սփոփա՞նքը…յոյսը՞…բայց ու՞ր գտնել այդ սպեղանիները, արամազդեան հայոց չաստուածի ատրուշանի կրակին մէջ, թէ Ղազանչեցոցի Տիրամօր խոշտանգուած պատկերին վրայ:
40 օրուայ պատերազմի տեւողութեան իւրաքանչիւր առաւօտ կը դիտէի դիմացս ծանրախոհ Արարատ լեռը, մերթ կորնչելի , մերթ յստակ եւ սրտատրոփ Արտաւազդ Արքայի շղթաներու ձայնին ի լուր, եւ փրկութեան հռնդիւնը կը սպասէի անձկանօք, սակայն Արտաւազդը մնաց շղթայուած: Այսօր ցաւին առթած խորհրդաւոր համրութեան մը ընդառաջ պիտի փորձենք սկսիլ վերանորոգման նոր հանգրուան մը:
Քաջարի հերոսներ, Յարութին, Յակոբին, Մոսիկին եւ ողջ լուսաշող մեր նահատակներուն անմահութեան յաղթարշաւն է, որ պիտի սկսի յետայսու, իսկ մենք խոնարհաբար եւ ծնկաչոք անոնց յիշատակին առաջ, պիտի խոստանանք երբեք չդաւաճանել այդ սրբազան, անժամանացելի կտակը:
Հանգչեցէք խաղաղութեամբ հայոց երկնի լոյսի արեգակներ, ցեղին վիրաւոր սիրտը հազարամեակներու փորձով գիտէ առողջանալ եւ դարձեալ ոտքի կանգնիլ:
Ձեր անարատ արեան էլքսիրին շնորհիւ է այդ յաւերժական երթին հաստատակամութիւնը:
Նահատակներ մեր անմոռաց, միան ձեզ կը վայելէ անմահութիւնը աստուածային:
Նորա Գաբոյեան
Երեւան