Թուրքիոյ բազմամշակոյթ ժառանգութիւնը իբրեւ հարստութիւն արժեւորելու նպատակով հինադրուած «Պիր Զամանլար» հրատարակչատունը, որ օրերս, իր հիմնադրութեան 20-ամեակի առթիւ հանդէս կու գայ շարք մը միջոցառումներով, սկսած է նաեւ «Օրացոյցի թուղթերով» տեսաշարի մը հրապարակումը, ուր սեղանի օրացոյցերու հիման վրայ կը ներկայացնէ պատմութեան տարբեր տեսանկիւններ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
«Պիրզամանլար» հրատարակչատունը իր հիմնադրութեան 20րդ տարեդարձի միջոցառումներուն առընթեր, սկսած է նաեւ «Օրացոյցի թուղթերով» անուն տեսաշարի մը հրապարակումը։
Հրատարակութիւնը, Գալումենոյի հաւաքածոյի բացիկներէն կազմուած «Եատիկեար» շարքի սեղանի օրացոյցերու հիման վրայ կը ներկայացնէ պատմութեան տարբեր տեսանկիւնները։
«Պիրզամանլար» հրատարակութեան պատասխանատու խմբագիր Օսման Քէօքէրի ներկայացումով, իւրաքանչիւր բաժնին մէջ կը տրուին տարբեր քաղաքներու մշակութային բազմազանութիւններու մասին տեղեկութիւններ։
Մինչեւ այժմ «Օրացոյցի թուղթերով» շարքը պաստառին բերած է Էսքիշեհիր, Սամսուն, Անգարա եւ Տրապիզոն քաղաքներու օսմանեան շրջանի բազմամշակութային կառուցուածքը։
Իւրաքանչիւր բաժին կը ներառնէ տեղեկութիւններ մասնաւորաբար հայերու եւ յոյներու, ինչպէս նաեւ տեղւոյն բնակչութեան տնտեսական, ընկերային ու մշակութային կեանքի ու վայրերու մասին։
«Օրացոյցի թուղթերու մէջէն» տեսաշարը կարելի է թրքերէնով դիտել «Պիրզամանլար» հրատարակութեան ԵուԹիւպ ալիքէն։
Բացի ատկէ, բացիկներու, առարկաներու եւ փաստաթուղթերու հիման վրայ կազմուած է «Ճամբորդութիւն դէպի պատմութիւն. Թուրքիոյ մէջ մշակութային բազմազանութիւնը 20րդ դարուն սկիզբը» խորագրով մնայուն ցուցահանդէս մը, զոր կարելի է այցելել Վալիքօնաղը պողոտայ, թիւ 23-6 հասցէի տակ, «Կալերի Պիրզամանլար»ի մէջ։