Հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ղանր դրութեան Լիբանանի հայկական մարմինները կը շարունակեն կարեւոր ճիգեր ի գործ դնել տօնական օրերու ջերմ մթնոլորտ մը ապահովելու յատկապէս համայնքի նորահաս սերունդի անդամներուն մօտ։ Այս առումով ալ Համազգայինի Այնճար հայաւանի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը իրագործած է մանուկներու տօնական հաւաք մը։
Ողջունելի այս նախաձեռնութեան մասին «Արեւելք» կը կարդայ մասնաճիւղի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Կաղանդի ուրախութիւնը, տօնական ու խանդավառ մթնոլորտը մանուկներուն փոխանցելու միտումով 25 դեկտեմբերին Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց հաւաքոյթ մը Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահէն ներս ուր հաւաքուեցան աւելի քան 140 երեխաներ, որոնք առիթը ունեցան միասին խաղալու, երգելու, պարելու, զուարճանալու եւ դիմաւորելու Կաղանդ պապան։
Թող նոր տարին բերէ բարին, խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն մեր հայրենիքին եւ համայն աշխարհին։