Շաբաթավերջին Ծաղկազարդ է ու ապա Զատիկ, ու մանուկներուն յանցանքը ի՞նչ է։Այնճարէն քիչ մը սաղարդ բերինք, որպէսզի անոնք որոնք կ՚ուզեն իրենց փոքրիկները ուրախացնել եւ գոյնզգոյն հաւկիթներով ծառ շտկել թող հրամմեն։
Բնիկ Մուսալեռցի, Այնճարի ծնունդ Յակոբ Այնթապլեան կը գրէ՝
Եթէ անցնող օրերուն մեր թաղը խճողուած էր պարզապէս կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան գործընթաց մըն էր չեմ գիտէր որու կողմէ բայց գիտցայ Սուրիացի գաղթականներու (եթէ այլեւս գաղթական կարելի է նկատել) համար էր։
Մինչ այս օրերուն ընդհանրապէս հանդարտ է փողոցը իսկ խանութները ամայի։
Առածը կ՚ըսէ մէկ ծաղիկով գարուն չի գար բայց այս տարի անթիւ ու անհամար ծաղիկներով ալ գարուն չեկաւ։
Անցեալ շաբաթ դեռ ձիւնամրրիկը կը յամենար մերժելով հեռանալ իսկ այս շաբաթ կիզիչ արեւը օգոստոսեան օրերը կը յիշեցնէ։
Այլապէս ալ գարունը շատ-շատերու հոգիներուն մէջ գունատ է ու գարնան ծաղիկներու բուրմունքը չունի ծանօթ պատճառներով։
Շաբաթավերջին Ծաղկազարդ է ու ապա Զատիկ, ու մանուկներուն յանցանքը ի՞նչ է։Այնճարէն քիչ մը սաղարդ բերինք, որպէսզի անոնք որոնք կ՚ուզեն իրենց փոքրիկները ուրախացնել եւ գոյնզգոյն հաւկիթներով ծառ շտկել թող հրամմեն Կիլիկիա Թաղ Այնճարեան արտադրութիւններու կեդրոն։
Բարի եւ ուրախ ծաղկազարդ բոլորիդ։