Այնճարի բնապահպանական տարածքի աշխատակիցները, Լիբանանեան բանակը եւ հրշէջներու խմբակներ կը փորձեն հրդեհը հակակշռի տակ պահել եւ կանխել անոր հաւանական թափանցումը դէպի այդ տարածք, որ ներկայ դրութեամբ ապահով է: Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան կը հաւաստիացնէ, որ բոլորի ճիգերուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ վտանգը կանխարգիլել։ Բոլորը պատրաստ վիճակի մէջ են, տարածման որևէ պատահար կանխելու:
Այնճար հայկական աւանի ծայրամասին այսօր հրդեհ մը ծագած է։
Այնճարի քաղաքապետութիւնը, ԱԻՆ մարմինները եւ Լիբանանեան բանակի միաւորներ կարեւոր ճիգեր կը գործադրեն հակակշռելու եւ մարելու համար ծագած հրդեհը։
Նշենք, որ երէկ երեկոյ մեծ հրդեհ մը ծագած էր Լիբանան-Սուրիա սահմանային հատուածին (Մասնահ սահմանային անցքին կից) եւ հրդեհը երեւելի դարձած էր հայկական գիւղէն։ Այս առաւօտ ԱԻՆ մարմիններ կարողացած էին մարել մեծ հրդեհը։
Նշենք նաեւ, որ Այնճարի մէջ գրանցուած իրավիճակին մասին գրառումով մը հանդէս եկած է ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ , բնիկ ՝ Այնճարցի Յակոբ Հաւաթեան.
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք մեր հայրենակիցի գրառումը՝
«Հակառակ այն իրողութեան որ Այնճարի յարակից լեռնաշղթային երկայնքով երէկ գիշեր ծայր առած հրդեհը հակակշռուած է, դժբախտաբար սակայն այսօր այլ ուղղութեամբ կրակը սկսած է տարածուիլ։
Արդարեւ, Այնճարի գերեզմանատան կողքին, լեռնաշղթային վրայ հրդեհը կը ծաւալի: Հրդեհի նոր վայրին համեմատաբար մօտ է աւելի քան տասը տարուան աշխատանքի արգասիքը հանդիսացող Այնճարի քաղաքապետութեան լեռնաշղթային վրայ հաստատած բնապահպանական տարածքը, ուր մօտաւորապէս հարիւր հազար ծառ ցանուած է զանազան հանգրուաններով։
Այնճարի բնապահպանական տարածքի աշխատակիցները, Լիբանանեան բանակը եւ հրշէջներու խմբակներ կը փորձեն հրդեհը հակակշռի տակ պահել եւ կանխել անոր հաւանական թափանցումը դէպի այդ տարածք, որ ներկայ դրութեամբ ապահով է: Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան կը հաւաստիացնէ, որ բոլորի ճիգերուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ վտանգը կանխարգիլել։ Բոլորը պատրաստ վիճակի մէջ են, տարածման որևէ պատահար կանխելու:
Անփորձանք փրկարար աշխատանք կը մաղթենք բոլոր կամաւորներուն եւ հրդեհին շուտափոյթ եւ վերջնական մարում։ Յուսանք, որ այսօր ամէն ինչ կ՛աւարտի»։