ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղարը պատասխանած է «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան հարցերին:
Հարց ու պատասխանը՝ ստորեւ.
Հարց. Յայտարարութեան մէջ որեւէ անդրադարձ չկայ Լեռնային Ղարաբաղին: Արդեօք հանդիպման ընթացքին ԼՂ հիմնախնդրին անդրադարձ եղա՞ծ է: Առաջիկային ի՞նչ զարգացումներ կարելի է սպասել Արցախի հարցով՝ հաշուի առնելով, որ կողմերը հաստատած են, որ կը ճանաչնան իրար տարածքային ամբողջականութիւնը:
Պատասխան. Մենք բազմիցս նշած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը առանցքային է մեզի համար։ Մենք այդ հարցերը կը բարձրացնենք մեր բոլոր հանդիպումներուն, ներառեալ՝ միջազգային գործընկերներու հետ։ Սակայն Ատրպէյճանը հակուած չէ այդ հարցը քննարկելու Հայաստանի հետ։
Միջազգային գործընկերներն ալ կը յանգին այն միտքին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան եւ բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը ենթակայ են յստակեցման, եւ այս առումով կարեւոր են Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումները՝ միջազգային տեսանելի մեքանիզմի ստեղծմամբ։ Հայաստանն, ի հարկէ, Ատրպէյճանի հետ բոլոր շփումներուն մէջ հարցը կը ներառէ քննարկման շրջանակի մէջ։