image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը պաշտօնապէս եւ անթաքոյց ստանձնած է յարձակման պատասխանատւութիւնը. Արարատ Միրզոյեանը՝ դիւանագէտներուն

Ատրպէյճանը պաշտօնապէս եւ անթաքոյց ստանձնած է յարձակման պատասխանատւութիւնը. Արարատ Միրզոյեանը՝ դիւանագէտներուն

4 Օգոստոսին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանն ընդունած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները։

ԱԳՆ-էն յայտնած են, որ նախարար Միրզոյեան դեսպաններու ուշադրութիւնը հրաւիրած է վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ սադրիչ եւ յարձակողական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին: Ան նշած է, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը, հերթական անգամ խախտելով Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին կրակի դադարեցման մասին 2020թ․ նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, յարձակում ձեռնարկած են ռուսական խաղաղապահ զօրքերու պատասխանատւութեան գօտիին վրայ, ինչու հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի 19-ը զինծառայող վիրաւորուած է, երկուքը՝ զոհուած:

ՀՀ ԱԳ նախարարն առանձնայատուկ ընդգծած է, որ ատրպէյճանական կողմը պաշտօնապէս եւ անթաքոյց կերպով ստանձնած է յարձակման պատասխանատւութիւնը, որու վառ ապացոյցն են Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնները, ԼՂ-ի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու կողմէ արձանագրուած խախտումները:

Նախարար Միրզոյեան նշած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող յարձակման նախորդած էր Լաչինի միջանցքի նկատմամբ վերահսկողութեան փոխանցման վերաբերեալ ռուսական խաղաղապահ անձնակազմին ներկայացուած նամակը, համաձայն որու ատրպէյճանական կողմը կը նախատեսէ փոխել ներկայիս գործող Լաչինի միջանցքով անցնող երթուղին, որ կը հանդիսանայ նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան կոպտագոյն խախտում, քանի որ յայտարարութեան 6-րդ կէտը յստակ կը սահմանէ, որ կողմերու (այսինքն՝ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի) համաձայնեցմամբ յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին պէտք է որոշուի Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կապն ապահովող Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր երթուղիի կառուցման ծրագիրը, մինչդեռ եռակողմ ձեւաչափով հաստատուած նման ծրագիր չկայ:

Արարատ Միրզոյեան նաեւ ընդգծած է, որ հայկական կողմի՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ իրականացուող ջանքերուն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը պատասխանեն հայատեաց հռետորաբանութեամբ, թշնամական յայտարարութիւններով, ուժի կիրառման անթաքոյց սպառնալիքներով։ Ան անընդունելի համարած է ատրպէյճանական կողմի՝ Լեռնային Ղարաբաղը էթնիկ զտման ենթարկելու շարունակական քաղաքականութիւնը:

ՀՀ ԱԳ նախարարն անդրադարձած է նաեւ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով առաջացած եւ դեռ չլուծուած մարդասիրական խնդիրներուն՝ շեշտելով, որ ատրպէյճանական կողմը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի դրոյթներու խախտմամբ կը շարունակէ պատանդառութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձեր:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը վերահաստատած է հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ լիազօրուած միակ միջազգային ձեւաչափի՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան մանթատի ներքոյ:

Ընդգծուած է նաեւ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու հայկական կողմի օրակարգին աջակցելու համար անհրաժեշտ է միջազգային հանրութեան համակարգուած եւ միահամուռ օժանդակութիւնը: