image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը կը հրաժարի եւրոպական համաձայնութիւններէն․ Ալեն Սիմոնեանը՝ դեսպաններուն

Ատրպէյճանը կը հրաժարի եւրոպական համաձայնութիւններէն․ Ալեն Սիմոնեանը՝ դեսպաններուն

Հայաստանի եւ Եւրոպայի մերձեցումը պէտք է ըլլայ շարունակական եւ էական։ Ինչպէս յայտնած է Ազգային Ժողովի լրատւութեան բաժինը, 23 նոյեմբերին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան լիազօր եւ ոչ լիազօր դեսպաններու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը։

«Հանդիպմանն անդրադարձ է եղել Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ մուտքի արտօնագրերի ազատականացման շուրջ երկխօսութեան շուտափոյթ մեկնարկին, Հայաստան-ԵՄ միջխորհրդարանական համագործակցութեանը, մասնաւորապէս, խորհրդարանական գործընկերութեան կոմիտէի շրջանակում»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Քննարկուած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները։ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահն ափսոսանք յայտնած է, որ Ատրպէյճանը կը հրաժարի մասնակցիլ Եւրոպական Միութեան կողմէ նախաձեռնուող հանդիպումներուն՝ հաւատարիմ չմնալով Պրիւքսէլի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ ակնյայտ դարձնելով իր ռազմատենչ ու նուաճողական նկրտումները:

Սիմոնեանը շնորհակալութիւն յայտնած Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն դիտորդներ ուղարկելու համար։ Ան կարեւորած է Եւրոպական Միութեան առաքելութեան տեղակայման որոշումը, այն համարած է նշանակալի քայլ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ:

Եւրոպական Միութեան դեսպաններուն ներկայացուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, որ տնտեսական եւ կապուղիներու զարգացման հնարաւորութիւններ կու տայ ինչպէս հարաւկովկասեան տարածաշրջանի, այնպէս ալ անկէ դուրս գտնուող երկիրներու համար:

Սիմոնեանը նաեւ խօսած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերուն առնչուող հարցերու մասին։