image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը դեռ չէ արձագանգած խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ Հայաստանի վերջին առաջարկներուն

Ատրպէյճանը դեռ չէ արձագանգած խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ Հայաստանի վերջին առաջարկներուն

Ատրպէյճանը դեռ չէ արձագանգած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ հայկական կողմի վերջին առաջարկներուն։ Այդ մասին դեկտեմբեր 4-ին Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը։

«Երբ պատասխան լինի, կը նշենք»,-ըսած է Սաֆարեանը։

Նոյեմբեր 21-ին հայկական կողմը Ատրպէյճանին փոխանցած էր խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ իր 6-րդ առաջարկը։