image

Ատրպէյճանը բռնագրաւուած Արցախի մէջ 28 ՀԷԿ պիտի կառուցէ

Ատրպէյճանը բռնագրաւուած Արցախի մէջ 28 ՀԷԿ պիտի կառուցէ

Ատրպէյճանը բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մէջ 28 ջրելեկտրակայան պիտի կառուցէ։ Այս մասին ըսուած է «Ջրային միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործման ազգային ռազմավարութեան» փաստաթուղթին մէջ։

Նշուած է, որ «Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի» (նկատի ունի բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութիւնը- Խմբ.) ջրային միջոցներու եւ գետերու վրայ կառուցուած ելեկտրակայաններու ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը հնարաւոր պիտի ըլլայ «խելացի» ջրամատակարարման արհեստագիտութիւններու ներդրման միջոցով։