Ատրպէյճանը սեպտեմբեր 19-ին Արցախի մէջ շփման գիծի ամբողջ երկայնքով իրականացուցած ռազմական յարձակման հետեւանքով ունի 199 զոհ. այս մասին յայտնած է ատրպէյճանական Meydan TV-ն:
Լրատուամիջոցն իր նիւթին մէջ հրապարակած է մէկօրեայ գործողութեան հետեւանքով զոհուած ատրպէյճանցիներու անունները՝ ընդգծելով, որ թէեւ երկրի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը մինչ այժմ չի յայտներ զոհուած զինծառայողներու թիւը, սակայն ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած եւ Meydan TV-ին հարազատներու ու որոշ իշխանական ներկայացոիցիչներու կողմէ հաստատուած տուեալներու համաձայն՝ մահացած զինծառայողներու թիւը 199 է:
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 19-ին Ատրպէյճանը շփման գիծի ողջ երկայնքով ռազմական յարձակում սկսաւ Արցախի մէջ՝ այն անուանելով «տեղական բնոյթի հակաահաբեկչական միջոցառումներ»՝ իբրեւ թէ «սահմանադրական կարգը վերականգնելու» համար։ Մէկ օր անց ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է հրադադարի մասին, հրադադարի պայմաններու շարքին նախանշուած է, մասնաւորապէս, Պաշտպանութեան բանակի զինաթափումը եւ ծանր տեխնիկայի դուրսբերումն Արցախէն։ Սեպտեմբեր 21-ին Ատրպէյճանի Եւլախ քաղաքին մէջ՝ Ստեփանակերտէն 100 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք, տեղի ունեցած է Արցախի ներկայացուցիչներու հանդիպումը Ատրպէյճանի պատուիրակութեան հետ։