image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի վարչապետը խօսած է Հայաստանի հետ վստահութեան վերականգնման մասին

Ատրպէյճանի վարչապետը խօսած է Հայաստանի հետ վստահութեան վերականգնման մասին

Դէպի Հայաստան բեռերու տարանցման սահմանափակումները վերացնելով՝ Ատրպէյճանը նպաստած է տարածաշրջանին մէջ համագործակցութեան եւ վստահութեան վերականգնման։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովը Թիֆլիսի «Մետաքսի ճանապարհ» 5-րդ ֆորումի ժամանակ։

Ասատովն ըսած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգի շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները պատմական նշանակութիւն ունին տարածաշրջանի մէջ կայուն համագործակցութեան ապահովման առումով:

«Տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու բացումը, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի մայրցամաքային մասը անոր անբաժանելի մասի՝ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ կապելը, պիտի նպաստէ տարածաշրջանի միջազգային փոխադրումներու տարանցիկ հզօրութիւններու ընդլայնման: Մենք վստահ ենք, որ այս տարուան օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած համաձայնագրերու հիման վրայ տարածաշրջանին մէջ բացուող նոր երթուղին պիտի դառնայ Միջին միջանցքի հիմնական հատուածը եւ պիտի նպաստէ համաշխարհային փոխադրային ցանցին մէջ անոր դերի ամրապնդման:

Ի դէպ, Ատրպէյճանը կը շարունակէ ցուցադրել տարածաշրջանին մէջ համագործակցութեան եւ վստահութեան վերականգնման իր հանձնառութիւնը: Վերացնելով դէպի Հայաստան բեռերու տարանցման սահմանափակումները՝ Ատրպէյճանը զգալի ներդրում ունեցած է այս ուղղութեամբ: Ղազախական հացահատիկի Ատրպէյճանի միջոցով Հայաստան տեղափոխումն այս ուղղութեամբ առաջին գործնական քայլն էր: Ինչպէս նշած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, սա ցոյց կու տայ, որ խաղաղութիւնը կ՚իրագործուի ոչ միայն թուղթի վրայ, այլեւ իրական կեանքի մէջ»,-ըսած է Ասատովը:

Ատրպէյճանի վարչապետն ըսած է, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի, երբ ժամանակը գայ:

«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը գրեթէ պատրաստ է։ Կը մնայ համաձայնեցնել վերջնական մանրամասնութիւնները»,-ըսած է Ասատովը: