image

Ատրպէյճանի կրակոցէն զոհուածը Վանիկ Ղազարեանն էր

Ատրպէյճանի կրակոցէն զոհուածը Վանիկ Ղազարեանն էր

Ախպրաձորի հատուածի մէջ Ատրպէյճանի կրակոցի հետեւանքով զոհուած զինծառայող Վանիկ Ղազարեան Վայոց ձորի Գետափ բնակավայրէն էր, 19 տարեկան:

Համայնքապետարանէն ըսած են, որ Վանիկ 1 տարի 1 ամիս առաջ զօրակոչուած էր բանակ։ Վեց ամիս ծառայած էր Հոկտեմբերեան, ապա տեղափոխուած Վարդենիս, սերժանտ էր։

Նախքան ծառայութեան մեկնիլը ընդունուած էր արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն ճգնաժամային կառավարման պետական ակադեմիա։

Աւելի վաղ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ 21 օգոստոսին՝ ժամը 15։30-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Ախպրաձորի հատուածը տեղակայուած հայկական դիրքի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով հրազէնային մահացու վիրաւորում ստացած է զինծառայող Վանիկ Արամի Ղազարեան: