image

Ատրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ կարգավիճակ անընդունելի է. Արցախի նախագահ

Ատրպէյճանի  կազմին մէջ որեւէ  կարգավիճակ  անընդունելի է. Արցախի նախագահ

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն վերաբերմունքը տարբեր ձեւաչափերով ընթացող բանակցութիւններուն եւ քննարկումներուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան ու Արցախի ժողովուրդի ճակատագրին վերաբերեալ հնչեցուող յայտարարութիւններին միանշանակ է եւ արտայայտուած է մի քանի անգամ նախագահին ու Ազգային ժողովին կողմէ:

Այս մասին ըսած է ԱՀ նախագահի մամուլի քարտուղար Լուսինէ Աւանեսեանը` աւելցնելով, որ կը փափաքի յիշեցնել 2021 թուականի Դեկտեմբերին նախագահ Յարութիւնեանի հրապարակած դրոյթներէն մի քանին`

1. Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք ճանաչումը որեւէ վերապահման եւ զիջման ենթակայ չէ: Այդ հարցի բացառիկ տէրը Արցախի ժողովուրդն է:

2. Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը իշխանութիւններուն ուղենիշը կը մնայ: Ատրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ կարգավիճակ անընդունելի է:

3․ Ոչ միայն կարգավիճակի, այլեւ ժողովրդագրական առումով վերադարձը անցեալին անընդունելի է: Արցախի Հանրապետութիւնըունի իր տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու խնդիր:

ԱՀ նախագահի խօսնակին խօսքով` իր քաղաքականութիւնը Արցախի իշխանութիւնը կը կառուցէ ու կ'իրականացնէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագրին եւ Մայր օրէնքին համապատասխան` համագործակցելով բոլոր գործընկերներուն հետ: