image

Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու նոր օրինագիծ

Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու նոր օրինագիծ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Տինա Թիթուս 27 ապրիլին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու մասին օրինագիծը։

Այս մասին Թիթուս յայտնած է X-ի իր միքրոպլոկով։

«Ես քիչ առաջ ներկայացուցած եմ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներու վերանայման մասին օրինագիծը, որով կը նախատեսուի միջոցներ ձեռնարկել Ատրպէյճանի 44 պաշտօնեայի նկատմամբ՝ կապուած Արցախի մէջ հայերու ցեղային զտումներու եւ քաղաքական ընդդիմութեան նկատմամբ դաժան բռնաճնշումներուն հետ: ԱՄՆ պէտք է ամուր դիրքորոշում որդեգրէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով»,-գրած է Թիթուս։