Ատրպէյճանեան յենակէտի վրայ ձեռնառումբ նետած հայորդին կը գտնուի քննչական Կոմիտէին մօտ
«Արեւելք» նախապէս անդրադարձած էր առաւօտեան տեղի ունեցած միջադէպին, երբ նախօրօք զոհուած հայ քաղաքացիի եղբայրը ձեռնառումբ նետած էր ատրպէյճանեան անցակէտի ուղղութեամբ:
«Ի լրումն Ստեփանակերտ-Շուշի-Բերձոր միջպետական ճանապարհին տեղի ունեցած միջադէպի վերաբերեալ մեր կողմից տարածուած տեղեկատուութեան, յայտնում ենք, որ 1975 թուականի ծնուած Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչը գտնւում է Արցախի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէում»: Այս մասին յայտնած են ԱՀ քննչական կոմիտէէն:
Յորդորուած է զերծ մնալ անհիմն շահարկումներէ եւ հետեւիլ միայն պաշտօնական տեղեկատուութեան։
Աւելի վաղ քննչական կոմիտէն յայտնած էր, որ 2021-ի 13 Նոյեմբերին՝ ժամը 07:00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինծառայողի կողմէ ակնյայտ սադրանքի հետեւանքով տեղի ունեցած դէպքի առթիւ ԱՀ քննչական կոմիտէի կողմէ յարուցուած է քրէական գործ: