image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանեան բանակի ինքնաթիռը Պաքու հասած է Թուրքիայէն

Ատրպէյճանեան բանակի ինքնաթիռը Պաքու հասած է Թուրքիայէն

Ատրպէյճանական բանակի փոխադրային ինքնաթիռը 28 յունուարին Ատրպէյճան ժամանած է Թուրքիոյ Թեքիրտաղ Չորլու օդակայանէն։ Այս մասին յայտնած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի հետ կապուած Sepah_pasdaran_ru թելեկրամեան ալիքը։

«Սովորաբար Թուրքիոյ այս օդակայանը կը բեռնէ թրքական արտադրութեան «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքեր՝ ռազմափոխադրային ինքնաթիռներու համար։ Այս ռազմական անօդաչու թռչող սարքը փորձարկուած է Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմին»,-գրած է ալիքը։